Լիթուանական Տրուսքինինքայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած լրագրողներու ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի կ’ունենայ ամէն տարի, այս անգամ աւարտեցաւ Հայաստանի լրագրողներու խումբին յաղթանակով եւ տիտղոսակիր դառնալով:
Հայրենի կազմը, որ արձանագրեց վեց յաղթանակ եւ կրեց պարտութիւն մը միայն, ապահովելով 18 կէտ դարձաւ այս 17-րդ մրցաշարքին տիտղոսակիրը:
Նախապէս երկու անգամ (2019 եւ 2021) հայրենի կազմը հանդիսացած էր երկրորդ, իսկ երեք անգամ ալ` երրորդ:
Երկրորդ հանդիսացաւ Լիթուանիոյ կազմը (16 կէտ), իսկ երրորդ` Քաունասի խումբը (դարձեալ Լիթուանիա, 14 կէտ):
Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լրագրողներու 8 խումբեր` Հայաստանէն, Գերմանիայէն, Լիթուանիայէն, Լաթվիայէն, Պիելոռուսիայէն, Լեհաստանէն եւ Ուքրանիայէն:


