Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ հայրենի իրաւարարներ նկատի առնուեցան «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն:
24 սեպտեմբերին զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Զուիցերիա-Յունաստան մրցումին, ինչպէս նաեւ 27 սեպտեմբերին Մերեն քաղաքին մէջ կատարուելիք, Յունաստան-Չեխիա մրցումներուն, կեդրոնի իրաւարար նշանակուեցաւ Հենրիկ Նալբանդեան, մինչ կողմի իրաւարար` Մեսրոպ Ղազարեան:
Այսօր` չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբերին, Ռումանիոյ Պուֆթէա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Լաթվիա-Ռումանիա մրցումին չորրորդ իրաւարար նշանակուեցաւ Աշոտ Ղալթախչեան:
Իսկ նոյն քաղաքին մէջ կատարուելիք Աւստրիա-Լաթվիա (24 սեպտեմբեր) եւ Լիթուանիա-Լաթվիա (27 սեպտեմբեր) մրցումներուն կեդրոնի իրաւարար նշանակուեցաւ Աշոտ Ղալթախչեան, իսկ կողմի իրաւարար` Խաչատուր Յովհաննիսեան:


