Ղազախստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Ասթանայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Գրիգորի Բաբայեան նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
Նշենք, որ Ասթանային մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան:
42 տարեկան մասնագէտը 2012-2019 թուականներուն ղազախական խումբին հետ վարած է անոր գլխաւոր մարզիչի եւ գլխաւոր մարզիչի օգնականի պաշտօնները:
Անոր հետ Ասթանա անցեալին դարձած է Ղազախստանի հնգակի ախոյեան, բաժակակիր եւ գերբաժակակիր:
Ան 2021-2022 տարեշրջանին մաս կազմած է Մոսկուայի բանակայիններուն մարզչական յանձնախումբին:
Ղազախստանի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ասթանա այժմ 37 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը:


