Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը զրկուեցաւ նաեւ «ԵՒՐՕ-2024»-ի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերելէ` նկատի ունենալով, որ անիկա կատարուելիք վիճակաձգութենէն դուրս մնաց:
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն եւ «ՖԻՖԱ»-ն ցարդ ուժի մէջ կը շարունակեն պահել Ռուսիոյ ազգային խումբերուն եւ ակումբներուն որակազրկումը` ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով:
Վերոնշեալ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 9 հոկտեմբերին, գերմանական ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ:
Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 14 յունիսէն 14 յուլիս 2024-ին, Գերմանիոյ մէջ:


