Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:
Պլինքըն ցաւակցութիւն յայտնած է հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին վերջին զինուորական գործողութիւններու ժամանակ զոհուածներուն համար:
Ան վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը` օգնելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին խաղաղ ճամբով լուծելու խնդիրները: Պլինքըն ըսած է, որ դիւանագիտութիւնը յառաջընթացի միակ ուղին է` ընդգծելով, որ պիտի շարունակէ անձամբ զբաղիլ այս հարցով:


