Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` երաշխաւորելու համար անոնց առաքելութեան յաջողութիւնն ու շարունակականութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ հանդարտ, լուրջ եւ պատասխանատու երկխօսութիւն մը կատարելու կարեւորութիւնը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ճամբու քարտէս մը ապահովելու նպատակով:
Պու Հապիպ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Պու Հապիպի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիան: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը:


