Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումը կարելի է:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուզէ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները խանգարել եւ Քարիշի նաւթահորին դէմ յարձակում կատարել, մենք կ՛ողջունենք անոր որոշումը, եւ կը հաստատենք, որ այդ արարքին գինը պիտի ըլլայ Լիբանանը:


