Բարեկարգչական երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքին` ներկայացնելու համար իրենց առաջադրած նախագահական փրկութեան նախաձեռնութիւնը, որ կը վերաբերի նախագահական ընտրութեան սահմանադրական գործընթացին:
Բարեկարգչական երեսփոխաններու պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Մարք Տաու, որ յայտնեց, թէ քննարկումները հիմնականին մէջ կեդրոնացած են նախագահական թափուր դրութիւնը կանխարգիլելու վրայ` աւելցնելով, որ պէտք է քաղաքական բոլոր կողմերը անհրաժեշտ պատասխանատուութիւնը ստանձնեն:
Տաու ընդգծեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպումը դրականօրէն հակազդած է իրենց նախաձեռնութեան` աւելցնելով, որ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ներկայ տագնապի լուծման համար լիբանանցիներուն համար յոյսի նշոյլ մը ապահովել:
Իր կարգին, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին անունով խօսք առաւ երեսփոխան Հատի Ապուլ Հըսըն, որ յայտնեց, թէ քննարկումները եղած են բաւական լայնածաւալ, սակայն որոշ կեցուածքներ աւելի յստակացնելու եւ խորքային քննարկում կատարելու կարիք կայ:
Ան նշեց, որ պէտք է նախագահական ընտրութեան թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել եւ ամէն ջանք ի գործ դնել, որ այդ անձնաւորութիւնը ըլլայ ազգային եւ կարենայ իր շուրջ համախմբել բոլորը, ինչպէս նաեւ Լիբանանին վերադարձնել անոր նկատմամբ վստահութիւնը:
Ապուլ Հըսըն շեշտեց, որ պէտք չէ գրաւ դնել արտաքին աշխարհի դերակատարներուն վրայ, որովհետեւ անոնք իրենց տագնապներուն մէջ թաղուած են եւ Լիբանան զիրենք չի հետաքրքրեր:
Հանդիպում` Քապպարայի Հետ
Բարեկարգչական երեսփոխաններու այլ պատուիրակութիւն մը այցելեց երեսփոխան Քերիմ Քապպարայի, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան իր նախաձեռնութիւնը:
Քապպարա հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի բոլոր լիբանանցիներուն միջեւ համագործակցութեան եւ փոխըմբռնումին` յանգելու համար յարմար լուծումի մը, որովհետեւ Լիբանանը կարելի չէ կառուցել` փոխադարձ մարտահրաւէրներուն վրայ:
Ազգային Անկախ Համախմբումին Հետ
Հանդիպում
Բարեկարգչական երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Ազգային անկախ համախմբումին, որուն անդամներն են երեսփոխաններ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն, Միշել Մըր, Ուիլիըմ Թոք եւ Թոնի Ֆրենժիէ:
Հանդիպումը ընթացաւ դրական մթնոլորտի մէջ, ընդգծուեցաւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ հաղորդակցութեան եւ մերձեցման կամուրջներ հաստատելու կարեւորութիւնը:
Ներկաները շեշտեցին նախագահական աթոռի թափուր մնալէն խուսափելու կարեւորութիւնը:


