Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ («Քալչիօ») հանդէս եկող խումբերէն Պոլոնիա յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ խումբին գլխաւոր մարզիչը` Սինիսա Միհայլովիչը, անոր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն ի տես:
Ան ակումբին մարզիչ նշանակուած էր 2019-ին:
Ներկայ դրութեամբ Պոլոնիա կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 16-րդ դիրքը:
5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պոլոնիա, որ ցարդ յաղթանակ չէ կրցած ապահովել, արձանագրած է երեք հաւասարութիւն եւ կրած երկու պարտութիւն:
Ըստ իտալական մարզական մամուլին, շատ հաւանական է, որ խումբին նոր մարզիչ նշանակուի Քլաուտիօ Ռանիերի, որուն պիտի առաջարկուի պայմանագրութիւն մը` մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:


