Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելու համար աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ պիտի ստանայ 125 միլիոն ամերիկեան տոլար պարգեւավճար, ինչ որ մարզական աշխարհի պատմութեան մէջ մեծագոյնն է:
Երեք տարուան պայմանագրութեան համար 23 տարեկան ֆութպոլիստը մայրաքաղաքի կազմէն պիտի գանձէ նաեւ 250 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Նշենք, որ Էմպափէի պայմանագրութիւնը փարիզեան ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2025:


