Աշխարհի ախոյեան նետերլանտցի Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով աւարտեցաւ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Նետերլանտներու կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Այսպիսով, «Ռետ Պուլ»-ի վարորդը իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով արձանագրեց յաջորդական չորս յաղթանակ:
Դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող Վերսթափեն այսպիսով իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 310 կէտ:
Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքը կը գրաւեն Շարլ Լեքլեր («Ֆեռարի») եւ Սերճիօ Փերեզ («Ռետ Պուլ»), որոնք ապահոված են 201-ական կէտ:
Նշենք, որ տարեշրջանի աւարտին մնացած է եօթը հանգրուան:


