ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 351 վարակուածներ եւ մահացած է 1 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 35.100 լ. ոսկի է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ, դատաւոր Պեշիր Խտըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պաալպեք-Հերմելի բնակիչներուն դիմագրաւած ընկերային եւ ապրուստի տագնապները:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 12.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութի եւ պիւթակազի սակերը նուազած են 2000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 628.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 643.000 լ. ոսկի, մազութը` 777.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 341.000 լ. ոսկի:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ Արսալի մէջ կարելի եղած է հիմնել սուրիացի տեղահանուածներու աշխատանքները համադրող կեդրոն մը` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին տեղահանուածներուն վերաբերող երկու այլ կեդրոններ պիտի բացուին Աքքարի եւ Թրիփոլիի մէջ: Շարաֆէտտին հաստատեց, որ Արսալի մէջ 60 հազար սուրիացի տեղահանուած կ՛ապրի:
ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆ երեսփոխան Նաժաթ Աուն-Սալիպա յայտնեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածու չէ` աւելցնելով, որ ինք կը յարգէ լիբանանցիներուն կամքը, որուն հիման վրայ ընտրուած է երեսփոխան: «Դերակատարութիւնս լրիւ պիտի փորձեմ կատարել», ըսաւ ան:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ իրենք կը պահանջեն հանրապետութեան նախագահ մը, որ կրնայ փրկութեան ծրագիր մը պարտադրել` սկսելով լիբանանեան գերիշխանութենէն:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ բոլորը կը վախնան ու մտահոգ են պատերազմի հաւանականութենէն եւ հարցեր կու տան այդ իմաստով: «Իմ նախազգացումս այն է, թէ պատերազմ չկայ եւ ոչ մէկը կը փափաքի պատերազմը: Խաղը հաւասարակշռուած է», ըսաւ ան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ուղղուեցաւ Իտալիա` ընդառաջելով Իտալիոյ զինեալ ուժերու հրամանատար ծովակալ Ճիուզեփէ Տրակոնի հրաւէրին: Կը նախատեսուի, որ քննարկուին երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը եւ լիբանանեան բանակին զօրակցելու միջոցները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի յայտնեց, որ արաբական եւ միջազգային հովանաւորութեամբ վաւերացուած Ազգային ուխտը երեւակայութիւն չէ եւ մութ պատճառաբանութիւններ չի բովանդակեր, այլ` բանաձեւուած եւ շարադրուած է գրական ու յստակ արաբերէնով:


