Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քէօլն, որ հիւրը եղաւ Վոլֆսպուրկին, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին չորրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Սարգիս Ադամեան` 81-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ Ադամեան դաշտ ներկայացաւ 65-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, Քէօլն, որ ցարդ պարտութիւն չէ կրած, արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը եւ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 9 կէտ:
Երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Իւնիոն Պերլինի, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Պորուսիա Տորթմունտ, որ հիւրընկալեց Հոֆընհայմին, անոր դէմ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ Մարքօ Ռէոսի նշանակած կոլին (16-րդ):


