Ինչպէս ծանօթ է, 2-4 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 44-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Անոր մեկնարկը պիտի տրուի այսօր` ուրբաթ, 2 սեպտեմբերին, ժամը 20:50-ին, երբ տեղի պիտի ունենայ բացման ցուցադրական հանգրուանի մրցումը, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ` Քասլիք:
Նախքան այս մրցումին սկսիլը, տեղի պիտի ունենայ դասական ինքնաշարժներու ցուցադրական շրջագայութիւն մը ակումբին մէջ, ժամը 19:00-ին:
Այս տարուան ռելիին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 34 ինքնաշարժներ, մինչ անոր ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 478,83 քմ:
Վաղը առաւօտեան ժամը 8:00-ին կը սկսի ռելին, Ժիպէյլի քաղաքապետութեան առջեւէն:
Իսկ կիրակի կ՛ակնկալուի, որ ժամը 15:00-էն սկսեալ, անոր իրենց մասնակցութիւնը բերող ինքնաշարժները, սկսին հասնիլ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.», մինչ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ժամը 15:30-ին:


