Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ա. Սէ. Միլանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ամերիկեան «Ռետ Պըրտ Քափիթըլ Փարթնըրզ» ընկերութիւնը դարձաւ ակումբին նոր սեփականատէրը:
Կողմերուն միջեւ այս գործարքը կազմեց 1,2 միլիառ եւրօ:
Իբրեւ Ա. Սէ. Միլանի նոր սեփականատէր, «Ռետ Պըրտ» պիտի շարունակէ ներդրումներ կատարել հիմնական բոլոր ոլորտներուն մէջ` մեկնելով ակումբին հիմնական շահերէն, հիմնուելով նախորդ տարեշրջանի արդիւնքներուն վրայ:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին միլանեան խումբը կը ղեկավարէր Սքուտեթթօ:


