Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարան Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Գիտաժողով

September 1, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական Ծոցի Երկիրներու Հայերը
(Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եմէն, Պահրէյն,
Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Քուէյթ, Օման)

Հայկազեան hամալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը երկուշաբթի,12 եւ երեքշաբթի 13 դեկտեմբեր 2022-ին պիտի կայացնէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած իր եօթներորդ եւ վերջին գիտաժողովը: Գիտաժողովը պիտի կայանայ անձամբ ներկայութեամբ եւ/կամ հեռահաղորդակցութեամբ:

Արդ, կը հրաւիրենք սփիւռքի եւ հայրենի բանասէրները, օտար հայագէտները, որոնք հետաքրքրուած են կամ կ՛առնչուին վերոյիշեալ հայօճախներու կենսագործունէութեան ուսումնասիրութեան, դիմելու կեդրոնս` հիմնուելով ստորեւ նշուած տուեալներուն վրայ:

Ա.- Մասնակիցները կրնան ուսումնասիրութիւն ներկայացնել հետեւեալ նիւթերէն որեւէ մէկուն շուրջ.

1) Պատմութիւն.- Հայերը վերոյիշեալ երկիրներէն որեւէ մէկուն մէջ` 1940-ականներէն մինչեւ մեր օրերը:

2) Բնակավայրեր.- Հայկական բնակավայրերը, ժողովրդագրութիւնը, արհեստները, հայութեան բնութագրումը տուեալ երկիրներուն մէջ, ներքին կազմակերպումը, կապը եւ առնչութիւնները սփիւռքի մօտիկ թէ հեռաւոր հայօճախներուն  եւ այլն:

3) Հայ եկեղեցին (առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական).- Թեմական կեանք, Հայ եկեղեցին եւ իր դերը միջկրօնական երկխօսութեանց, թէ մարդասիրական աջակցութեան ծիրին մէջ:

4) Ազգային կեանք.- Հայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները (ընկերային, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, մարզական  եւ այլն), անոնց կենսագործունէութիւնը, հոլովոյթը, միջմիութենական եւ միջշրջանային յարաբերութիւններ:

5) Մշակոյթ.- Հայ դպրոցները, հայերէնագիտութիւնը, ձայնասփիւռի կայանները, հեռատեսիլի հաղորդումները, երգչախումբերը, թատրոնը, գեղանկարչութիւնը, հայօճախին մշակութային առանձնայատկութիւնները:

6) Համարկում.- Հայութեան նպաստը վերոյիշեալ երկիրներու մշակոյթին, տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին, առեւտուրին, արհեստներուն եւ շուկային, հաղորդամիջոցներուն եւ ընկերային ու մարդասիրական բնագաւառներուն:

7) Հայերը տեղաբնիկներուն պատկերացումին մէջ.- Հայերուն պատկերը տեղաբնիկներուն մշակոյթին թէ հանրային հաղորդակցամիջոցներուն մէջ:

8) Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէ/սփիւռքի նախարարութիւն/սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակ-հայօճախներ փոխյարաբերութիւն:

9) Միջպետական յարաբերութիւններ.- Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արաբական ծոցի երկիրներ պետական յարաբերութիւնները, անոնց ընթացքը, զարգացումը, փոխգործակցութիւնը:

10) Հայաստանցի քաղաքացիները Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ.- Անոնց կենսագործունէութիւնը, դիմապատկերը, ընդհանուր արժեւորումը:

11) Ինքնութեան հարցեր.- Նոր սերունդներու հայերէնախօսութիւնը, մշակութային պաշարը, ինքնութենական հարցերը:

Բ.- Մասնակցութեան տուեալներ

1) Դիմորդները պարտին մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2022 կեդրոնին յղել իրենց ուսումնասիրութեան նիւթին վերնագիրը եւ նախատեսած բովանդակութիւնը:

2) Դիմումները եւ նիւթերը քննարկուելէ եւ ընտրուելէ ետք պատասխանը կը տրուի մինչեւ 7 հոկտեմբեր 2022:

3) Մասնակիցներ պարտին 20 վայրկեան տեւողութեամբ զեկոյցներ ներկայացնել իրենց ուսումնասիրութեան մասին` արաբերէն, հայերէն կամ անգլերէն:

4) Մասնակիցները յանձնառու են իրենց ուսումնասիրութիւնները հրատարակութեան տրամադրելու` գիտաժողովի զեկուցագիրքին:

Հետեւաբար անոնք պարտին վերջնական ձեւի բերած ըլլալ իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ յանձնել զանոնք կեդրոնին մինչեւ 28

փետրուար 2023:

Գ.- Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը մասնակիցներուն պիտի տրամադրէ եռօրեայ կեցութիւն:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան համալսարան, Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն.- հեռ. 00961 1 349230 ext. 205, կամ 00961 3 712058, կամ գրել` [email protected] հասցէին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Ազգային Ազատագրական Պայքարի Տրամաբանութիւնն ու «Դիմադրութիւն» Շարժումը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.