Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ռուսական Քրասնոտարի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց Թորփետօ Մոսկուայի դէմ տեղի ունեցած 7-րդ հանգրուանի մրցումին:
Հայրենի ֆութպոլիստը իր կոլերը նշանակեց 31-րդ եւ 44-րդ վայրկեաններուն:
Այս մրցումը աւարտեցաւ անոր կազմին յաղթանակով` 4-1 արդիւնքով:
Սպերցեանի կազմը այժմ 14 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը` երեք կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկէն:


