Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը 18 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան սկսաւ յաջորդական չորս յաղթանակով:
Սպանացի Միկել Արթեթայի գլխաւորած կազմը, որ յաջորդաբար յաղթած էր Քրիսթալ Փալասին (2-0), Լայսթըր Սիթիին (4-2) եւ Պուրնըմաութին (3-0), նախորդ շաբաթավերջին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆուլհեմին:
Արսենալ, որ 2003-2004 տարեշրջանին սկսած էր չորս յաղթանակով, առանց պարտութիւն կրելու հանդիսացած էր ախոյեան:
Իսկ 2004-2005 տարեշրջանին անիկա դարձեալ սկսած էր չորս յաղթանակով եւ հանդիսացած էր փոխախոյեան:
Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի, որ հիւրընկալեց Քրիսթալ Փալասը, անոր դէմ արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ հեթրիք մը իրագործեց (62-րդ, 70-րդ եւ 81-րդ):
Լիվըրփուլ 9-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Պուրնըմաութը:
Լուիս Տիաս եւ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ տուպլէ իրագործեցին:
Ռահիմ Սթերլինկի նշանակած տուպլէին շնորհիւ, Չելսի 2-1 արդիւնքով յաղթեց Լայսթըր Սիթիին:
Իսկ Պրունօ Ֆերնանտեզի նշանակած կոլին շնորհիւ, Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սաութհեմփթընի դաշտէն:


