Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 22 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած սպանացի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ նախորդ շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) իր կատարած փորձերուն ընթացքին վիրաւորեց իր ծունկը:
Նշուեցաւ, որ թէեւ 36 տարեկան Նատալ վիրաւորուեցաւ, սակայն շարունակեց իր փորձը:
Միացեալ Նահանգներու թենիսի բաց ախոյեանութիւնը` «Ռոլան Կարոս»-ը կը սկսի այսօր` երկուշաբթի, 29 օգոստոսին եւ իր աւարտին կը հասնի 11 սեպտեմբերին:
Մրցաշարքին գործող ախոյեանն է ռուս Տանիիլ Մետվետեւ:


