Գերմանացի միջնապահ Մաքս Մայըր, որ նախապէս մաս կազմած է Շալքէի եւ Քրիսթալ Փալասի, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ելոյթ ունենալով Զուիցերիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ:
Անոր պայմանագրութիւնը Լիւսերնի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2024 տարուան կէսերը:
Ան Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ անցեալին իր մասնակցութիւնը բերած է չորս մրցումի եւ դարձած կոլի մը հեղինակը:
Նշենք, որ անոր նոր ակումբը այժմ Զուիցերիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը:


