Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հարցը կը շարունակէ գրաւել միջազգային մարզական մամուլին ուշադրութիւնը` նկատի ունենալով, որ ցարդ անորոշ է, թէ ան ո՛ր կազմին պիտի միանայ:
Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, ներկայիս լուրեր շրջան կ՛ընեն, որ անոր յաջորդ ակումբը պիտի ըլլայ Սփորթինկ Լիզպոնը:
Սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ կը նշուի, որ եթէ պատահի, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահը տեղափոխուի փորթուգալեան կազմ, վերջինիս մարզիչը` Ռուպեն Ամորին պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը, նկատի ունենալով, որ ան չի փափաքիր իր կազմին մէջ տեսնել Ռոնալտոն:


