Չյագեցած մանկութիւն,
Վրայ կը հասնի պատանեկութիւն.
Պարտադրուած կրթութիւն,
Ա՜խ, կը դասաւանդեն կէտադրութիւն:
Սորվեր ենք կանոնները
Ուսումնական մեր վաղ տարիներուն,
Երբ դեռ այդ նշանները
Կը փորձէր բացատրել խեղճ դասատուն:
Կէտեր, գիծեր, այլ հետքեր,
Անհասկնալի շարք մը պայմաններ,
Զորս – որպէս հեզ կրտսեր –
Կը սեպէինք լոկ աւելորդ զարդեր:
Երբեմն գիտակցութեամբ,
Բայց շատ յաճախ` մեր բախտին յենելով,
Ամենայն անմեղութեամբ
Էջերը կը նաշխէինք կէտերով:
Դպրոցը ըմբռներ ենք`
Ե՛րբ եւ ո՛ւր զետեղել որ նշանը:
Սակայն ձախողեր ենք մենք
Ընկալել խորքը պահուած իմաստը:
Աւելի ուշ` կեանքին մէջ,
Կը վճռենք կէտին թաքուն արժէքը,
Թէ իրականութեան մէջ
Կեա՛նքն է մեր իսկական ուսուցիչը:
Անբաժան տրոհութիւն,
Դերասանական առոգանութիւն,
Անկապ բացայայտութիւն,
Է՜հ, սորվեր ենք եղեր կէտադրութիւն…
Միտքդ շարունակելու,
Զայն բանաձեւելու, ա՛ռ դադար մը.
Հեւալէ խուսափելու`
Գործածէ՛ փոքր ստորակէտ մը:
Իսկ թէ անբաւարար է
Ու կը կարօտի երկա՜ր շունչի մը,
Գաղափարներդ մաղէ՛
Յստակ ու կտրուկ միջակէտով մը:
Տրոհող նշաններէն
Ամենահեշտն է պարզ վերջակէտը,
Որ, հեռու բարդութենէն,
Կը հատցնէ անհիմն խորհուրդը:
Իսկ ամէնէն դժուարը
Այդ գարշելի ու զզուելի բութն է,
Որուն արդար աթոռը,
Ակամայ, միայն բացայայտեալն է:
Ինքզինքդ պաշտպանելու,
Չակերտեալ իրաւունքդ պահելու,
Յանուն ուժ բանեցնելու`
Շեշտը ձեռքդ կը մնայ ի զօրու:
Իսկ եթէ ղեկավար ես
Ու քմծիծաղով պիտի գրաւես,
Ինքդ քեզ ապուշ ընես,
Հեգնական պարո՛յկով հարց տուր, տէ՜ր ես…
Սակայն յանկարծ չմոռնա՛ս,
Թէ ամբոխիդ հանդէպ ես հաշուետու,
Ու թէ ընդոստ թերանաս,
Ան պիտի չխնայէ անձդ, ու…
Այսպէս ըսուած` միութեան
Գիծերը, որոնցմով կը կազմէիր
Լոզունգներ անպարտութեան,
Զորս սեփականացուցած էիր,
Պիտի դառնան արհաւիրք
Գութիդ, որ արդէն ոչ այլեւս է:
Պիտի կորսնցնես դիրք,
Ու նոր հասկնաս մեղաւորն ով է:
Եւ շուտով անդրադառնաս,
Որ յանկերգերդ են զազիր, նողկալի,
Ու որքան բարձր գոռաս,
Կ՛ըլլան ականջին այնքա՛ն ատելի:
Թէ գծիկը անջատման
Դուն քու ձեռքերովդ պատկերեցիր,
Երբ աթոռիդ պահապան`
Ինքդ քեզ մարդկութենէ զերծեցիր,
Ապաթարցներ դնելով
Հաւատարիմներուդ անուններուն,
Վտանգն իսկ անտեսելով`
Անոնց բանալիք փակագիծերուն:
Իսկ հիմա, երբ պարտուած
Ելար քաղաքական լկտի խաղէն,
Երնէկ կու տաս զղջացած,
Լիրբ «ես»-դ փրկելու խղճի խայթէն:
Միայն եթէ գիտնայիր
Խօսք ու գործդ ինչպէ՛ս կէտադրել…
Աւելի ուշ կեանքին մէջ,
Կը վճռենք կէտին թաքուն արժէքը,
Թէ հարկ է մեր կեանքին մէջ
Իմանալ կէտադրել մեր վէպերը:
Թէ այդ կախման կէտերը,
Զորս այնքա՜ն կը սիրէինք անժամ…
Թէ այդ կախման կէտերը…
Հոգիդ կը չարչարեն ամէն անգամ…
Ամէն անգամ երբ յիշես,
Որ դուն քեզմէ կտոր մը տուեր ես
Ինչի որ խե՛նթ սիրեր ես,
Իւրաքանչիւր տարր, որմէ ջոկուեր ես…
Չափահասութեան, ի դէպ,
Կը թափանցենք մեր սէրն անդրդուելի`
Կախման կէտերուն հանդէպ,
Զանոնք խծբծելով յաճախակի
Պատմութիւններուն վրայ,
Մերժելով վշտալի վաղ աւարտը,
Ուրանալով անզգայ
Աշխարհի անողորմ թրծուածքը,
Սպասելով այն օրուան,
Երբ սիրտդ դարձեալ պիտի տրոփէ`
Տեսնելով կանգնած դրան,
Յետ ողջ հասակի ակնկալումէ,
Ժամանակին կորսուած առիթ մը…
Վաղուց սպասուած հանդիպման պահ մը…
Վերադարձը լքած ընկերոջ մը…
Չաւարտուած սէր մը… Յոյսի նշոյլ մը…
Բայց յապաղումը, ափսո՜ս,
Յաւերժ կը ջնջէ ճամբան ետդարձի…
Ու կը մնաս կախուած հոս,
Հոն կամ այնդին, նման` կախման կէտի…
Միայն եթէ գիտնայիր
Սէրդ ու նուիրումդ կէտադրել…
Եւ ի վերջոյ, ո՜ւշ, շա՜տ ուշ
Կը վճռենք կէտին թաքուն արժէքը…
Կեանքին մէջ հարկ է,
Աւա՜ղ, յաճախ
Կախման կէտերը
Ակամայ փոխարինել
Վերջակէտերով:



