Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլ բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնային մաս կազմող նետերլանտցի 25 տարեկան միջնապահ Ֆրանքի Տը Եոնկով, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ անգլիական ակումբը պատրաստ է անոր փոխանցման համար վճարելու 70 միլիոն եւրօ:
Նախորդ տարեշրջանին ան սպանացի Չաւիի գլխաւորած կազմին հետ մասնակցեցաւ 46 մրցումի, նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ:
Տը Եոնկի պայմանագրութիւնը քաթալոնական Պարսելոնայի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2026:


