Արսենալի յառաջապահ Նիքոլա Փեփէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Նիսի հետ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ Նիս անոր ստորագրութիւնը չի կրնար գնել` նկատի ունենալով, որ ան պարզապէս փոխ տրուեցաւ Նիսի:
27 տարեկան Փեփէ, որ 2019-ին Լիլէն տեղափոխուեցաւ Արսենալ, լոնտոնեան կազմին հետ 111 մրցումի ընթացքին նշանակեց 27 կոլ:


