Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր համանախագահ նշանակելու վերաբերեալ Պաքուի այն յայտարարութեան, թէ այդպիսի քայլերը «չեն կրնար նպաստել հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման»:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Համաշխարհային հանրային հարցերու գրասենեակի փոխբանբեր Վետանթ Փանթել, անդրադառնալով ազրպէյճանական կողմի յայտարարութեան, նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը Ֆիլիփ Ռիքըրը «Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական նշանակած է` ընդգծելու մեր յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին նկատմամբ»: «Իբրեւ երկիր` մենք յանձնառու ենք դիւրացնելու ուղիղ երկխօսութիւնը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ երկկողմանի, բազմակողմ մակարդակներու վրայ, ինչպէս նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ համագործակցութեան միջոցով` հասնելու երկու երկիրներուն միջեւ համապարփակ խաղաղ լուծման», նշած է ան:
Փանթել անգամ մը եւս յիշեցուցած է, որ այսուհետեւ դեսպան Ռիքըր պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները թէ՛ Մինսքի խմբակին մէջ, թէ՛ Ժընեւի միջազգային բանակցութիւններուն մէջ:
Պլինքըն 25 օգոստոսին յայտարարած էր փորձառու դիւանագէտ Ֆիլիփ Ռիքըրի` Կովկասի հարցերով բանակցութիւններու մէջ գլխաւոր խորհրդական նշանակումը: Ռիքըր այս պաշտօնին վրայ պիտի կատարէ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահի գործառոյթներն ու հանդէս պիտի գայ իբրեւ Ժընեւի միջազգային բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան աւագ բանագնաց:
Այս որոշումին յաջորդած էր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որուն մէջ նշուած էր. «Գրեթէ չգործող Մինսքի խմբակը վերակենդանացնելու փորձերը կրնան յանգեցնել Միացեալ Նահանգներու` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն հեռացման»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտարարած էր, որ «ղարաբաղեան տագնապը լուծուած է»` աւելցնելով, որ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին հետ կապելը «որեւէ ձեւով պիտի չնպաստէ այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման»:


