Երէկ` հինգշաբթի, 25 օգոստոսին, տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որ պիտի կատարուի խմբակներու դրութեամբ:
Ա. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 6-7 սեպտեմբերին:
Բաւական զօրաւոր խմբակ մը կազմեց Գ. խմբակը, որուն մէջ իրարու դէմ պիտի մրցին Պայէրն Միւնիխ, Պարսելոնա եւ Ինթեր Միլան:
Բաւական զօրաւոր խմբակի մէջ ինկան նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Եուվենթուս:
Ռէալ Մատրիտ պիտի ունենայ համեմատաբար աւելի տկար մրցակիցներ:
Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը.
Ա. խմբակ. Այաքս Ամսթերտամ, Լիվըրփուլ, Նափոլի եւ Ռէյնճըրզ
Բ. խմբակ. Փորթօ, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Պայէր Լեւերքուզըն եւ Ֆ. Ք. Պրիւժ
Գ. խմբակ. Պայէրն Միւնիխ, Պարսելոնա, Ինթեր Միլան եւ Վիքթորիա Փլզեն
Դ. խմբակ. Այնթրախթ ֆրանքֆորթ, Թոթենհամ, Սփորթինկ Լիզպոն եւ Մարսէյ
Ե. խմբակ. Ա. Սէ. Միլան, Չելսի, Սալզպուրկ, Տինամօ Զաղրեպ
Զ. խմբակ. Ռէալ Մատրիտ, Լայփցիկ, Շախտիոր Տոնեցք եւ Սելթիք
Է. Խմբակ. Մանչեսթըր Սիթի, Սեւիլլա, Պորուսիա Տորթմունտ եւ Քոփենհակըն
Ը. խմբակ. Փարիզ Սեն Ժերմեն, Եուվենթուս, Պենֆիքա եւ Մաքապի Հայֆա:
Նշենք, որ 27 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ թրքական որեւէ խումբ պիտի չմասնակցի մրցաշարքին:
Սակայն մրցաշարքին աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ մէջ, 10 յունիս 2023-ին:


