«Մոթորսփոր» յայտնեց, որ «Ֆեռարի»-ի անուանի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի ինքնաշարժը աճուրդով ծախուեցաւ 6,2 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
Այս ծախուած ինքնաշարժով գերմանացի վարորդը ոչ մէկ պարտութիւն կրեց` յաղթանակ արձանագրելով Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Իտալիոյ կրան փրի ներուն ընթացքին:
Անոր ինքնաշարժը` «Ֆեռարի ԷՖ.-300»-ը թէեւ ծախուած էր 1999-ին, սակայն զայն գնողը 23 տարի խնամած էր զայն եւ ապա որոշած աճուրդով վաճառել:
Նշենք, որ նախապէս` 2021-ին, Շումախըրի մէկ այլ ինքնաշարժը ծախուած էր 7,5 միլիոն ամերիկեան տոլարի. ան այդ ինքնաշարժով մրցումներու ընթացքին հանդէս եկած էր 2001-ին:


