Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող 35 տարեկան բերդապահ Քէյլոր Նաւաս ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ իտալական Նափոլիի հետ:
Իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» յայտնեց, որ կողմերը իրարու հետ համաձայնութեան եկած են, եւ ան մէկ տարուան համար փոխ պիտի տրուի Նափոլիի:
Սեն Ժերմենի ֆրանսացի մարզիչ Քրիսթոֆ Կաթիէ յայտարարեց, որ այս տարեշրջանին խումբին հիմնական բերդապահը պիտի ըլլայ իտալացի Ճիանլուիճի Տոնարումա:
Նախորդ տարեշրջանին քոսթառիքացի բերդապահ Նաւաս 26 մրցումի ընթացքին իր բերդին մէջ ստացաւ 24 կոլ:
Անոր պայմանագրութիւնը փարիզեան կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:


