Ինթեր Միլանին մաս կազմող հայրենի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նախորդ շաբաթավերջին վնասուածք ստանալով բացակայեցաւ Սփեցիայի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն, յառաջիկայ երկու մրցումներուն եւս պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:
Թէեւ ան փորձերուն կը մասնակցի, սակայն պիտի չկարենայ մասնակցիլ Քրեմոնեզէի եւ Լացիօ Ռոմայի դէմ կատարուելիք մրցումներուն:
Նշուեցաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետը պատրաստ պիտի ըլլայ 3 սեպտեմբերին Ա. Սէ. Միլան-Ինթեր Միլան տերպիի մրցումին, որ կ՛իյնայ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ:


