Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Մեծ Կորուստը` Ժիրայր Սարգիսեան

August 23, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 21 օգոստոս 2022-ին, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը կորսնցուց համահայկական իր կառոյցի վաստակաշատ ու երախտաշատ դէմքերէն Ժիրայր Սարգիսեանը: Մէկը, որուն անունը ծանօթներուն համար հոմանիշ էր անմնացորդ ծառայութեան, անշահախնդրութեան, արդարամտութեան եւ պարկեշտութեան:

Ժիրայր Սարգիսեան ծնած է 1940-ին, Պէյրութ, Լիբանան: Կրթութիւնը ստացած է Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին եւ հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, իսկ կազմաւորումը` Էշրեֆիէի ՀՅԴ «Ազատամարտ» ակումբին եւ ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ:

Եօթը տարեկանին Ժիրայր Սարգիսեան կը հագուի ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին սկաուտական կանաչ տարազը: Այնուհետեւ, իր հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ, գայլիկական շապիկին գոյները աստիճանաբար փոխելով, 1966-ին ան կը հասնի մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետի աստիճանին: Ժիրայր Սարգիսեան կը մասնակցի Եգիպտոսի համաարաբական երկիրներու եւ Յունաստանի համաշխարհային սկաուտական ճամպորիներուն:

Հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ական մը ըլլալու կողքին,  Ժիրայր Սարգիսեան «անկեղծ զինուոր» մը կը հանդիսանայ իր ժողովուրդի արդար դատին ու պայքարին: Ան մաս կը կազմէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն եւ մինչեւ մահ կը մնայ նուիրեալ կուսակցական` ինքնութեան պահպանումը եւ հայրենիքի գաղափարը դասելով ամէն նկատառումէ վեր: Եղբօրը` Խաժակին հետ ան կը մասնակցի Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութի կազմութեան եւ ներքին կեանքի կազմակերպման`  տասնամեակներ շարունակ իր անսակարկ մասնակցութիւնը բերելով գաղութին ազգային, հասարակական, կրթական, մշակութային, եկեղեցական եւ մարմնակրթական կեանքին ծաղկումին:

Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք, Ժիրայր Սարգիսեան 1980-ական տարիներուն պատասխանատու պաշտօններ կը ստանձնէ ՀՄԸՄ-ի Սան Ֆրանսիսքոյի «Մասիս» մասնաճիւղին եւ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան զանազան յանձնախումբերուն եւ կազմերուն մէջ: Ան կը մասնակցի շրջանի բազմաթիւ Ներկայացուցչական ժողովներուն եւ ՀՄԸՄ-ի յաջորդական Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովներուն, երկու քառամեակ` 1995-1999 եւ 1999-2003 մաս կազմելով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան: Երկրորդ քառամեակին` իբրեւ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ եւ սկաուտական աշխատանքներու պատասխանատու:

1990-ին Ժիրայր Սարգիսեան կը նշանակուի համա-ՀՄԸՄ-ական Դ. ընդհանուր բանակումի խմբապետ: 1992-ին իր կողակիցին` Սրբուկին հետ ան կը ստանձնէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Նաւասարդեան 17-րդ մարզախաղերուն պատուոյ նախագահութիւնը, իսկ 2015-ին կը հռչակուի տարուան «Տիպար ՀՄԸՄ-ական»:

Ժիրայր Սարգիսեան մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է ոսկերչական ասպարէզին նկատմամբ: Ան հիմնած է իր անձնական հաստատութիւնը եւ ասպարէզին մէջ հասած է փայլուն յաջողութեան: 1968-ին ամուսնացած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պասքեթպոլի օրուան աստղերէն Սրբուկ Օհաննէսեանի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով` Թամար, Սագօ եւ Զարեհ, որոնք իրենց ծնողներուն օրինակին հետեւելով, այսօր, իրենց բոլորանուէր մասնակցութիւնը կը բերեն ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն:

Վարչական իր երկարամեայ գործունէութեան առընթեր, Ժիրայր Սարգիսեան եղած է ազնիւ բարերար մը իր պաշտելի միութեան, կուսակցութեան եւ ժողովուրդին: Մեծ է իր ներդրումը ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի թէ համա-ՀՄԸՄ-ական բազմաթիւ ձեռնարկներու յաջողութեան: Իր իշխանական բարերարութեամբ կառուցուած է ՀՄԸՄ-ի Սան Ֆրանսիսքոյի «Մասիս» մասնաճիւղին նոր մարզադաշտը, որ կը կրէ «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան» անունը: Ան իր նիւթական աջակցութիւնը բերած է ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրի ապահովման: Միութեան 100-ամեակին, օրինակելի նուիրատուութեամբ մը, Ժիրայր Սարգիսեան հիմը դրած է ՀՄԸՄ-ի «Եկամտաբեր հիմնադրամ»-ին: Մեկենասութիւնը ստանձնած է միութենական բազմաթիւ հրատարակութիւններու: Ազգային իր պարտականութիւնը երբեք չէ զլացած Հայաստանին, Արցախին, Ջաւախքին եւ Հայ դատին վերաբերող ծրագիրներու:

Միութենական բազմավաստակ ծառայութիւններուն համար Ժիրայր Սարգիսեան պարգեւատրուած է բազմիցս: 1998-ին, ան մասնաճիւղին կողմէ արժանացած է ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանին, իսկ 2004-ին` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին:

Հայրենիքին ի նպաստ իր կատարած աշխատանքներուն առ ի գնահատանք, Ժիրայր Սարգիսեան 2002-ին պարգեւատրուած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի «Ոսկեայ շուշանածաղիկ» շքանշանով: Նոյն տարին ան արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարարութեան «Ոսկեայ» յուշամետալին:

Ժիրայր Սարգիսեան իր մահկանացուն կնքեց 21 օգոստոս 2022-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:

Նախորդը

Նշմար. Մանտելայի Ժառանգորդէն Պատգամ` Պլինքընի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.