Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, նախանցեալ օր 4-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սելթա Վիկոյի դաշտէն:
Արձանագրուած այս յաղթանակը Ռէալ Մատրիտի համար նկատուեցաւ կարեւոր այն իմաստով, որ անիկա 2018-2019 տարեշրջանէն ետք առաջին անգամ ըլլալով արձանագրեց յաջորդական երկու յաղթանակ` տարեշրջանի մեկնարկի առաջին երկու մրցումներուն:
Այդ իրագործումը վերջին անգամ կատարած էր մայրաքաղաքի կազմին անցեալի մարզիչը` Ժուլեն Լոփեթեկի:
Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քարիմ Պենզեմա (14-րդ` փենալթիով), Լուքա Մոտրիչ (42-րդ), Վինիսիուս Ժունիոր (56-րդ) եւ Ֆետերիքօ Վալվերտէ (66-րդ):
Նշենք, որ անոնց խմբակից Էտեն Հազար 87-րդ վայրկեանին փենալթի մը կոլի չկրցաւ վերածել:


