Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը Մոլտովայի մէջ մրցեցաւ դաշտին տիրոջ` Մոլտովայի իր հասակակիցներուն դէմ:
Մրցումը վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Երկու կազմերը այսօր` շաբաթ, 20 օգոստոսին իրարու դէմ պիտի կատարեն իրենց երկրորդ մրցումը: