Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին Ա. հանգրուանի երթի մրցումին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Մոլտովայի ախոյեան Շերիֆ Թիրասփոլը, անոր հետ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Նշենք, որ ներկաները, նախքան մրցումին մեկնարկը տրուիլը, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ հրդեհի եւ պայթումի հետեւանքով մահացածներուն յիշատակը:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 25 օգոստոսին, Թիրասփոլի մէջ:


