«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին չորս անգամ երկրին ախոյեան հանդիսացած Լեպրոն Ճէյմս իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ:
Ըստ ամերիկեան մարզական մամուլին, ստորագրուած նոր պայմանագիրով ան պիտի ստանայ 97,1 միլիոն ամերիկեան տոլար երկու տարուան համար` 2024-2025 տարեշրջանն ալ երկարաձգելու կարելիութեամբ:
Ան 2021-2022 տարեշրջանին կատարեց 56 մրցում` միջին հաշուով մրցումի մը ընթացքին նշանակելով 30,3 կէտ:


