Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 20 տարեկանէն վար աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի երեք ներկայացուցիչ երէկ ապահովեց կիսաւարտական հանգրուանի իր տոմսը:
Աւարտականի իրենց տոմսերը պիտի փորձեն ապահովել Կարապետ Մանուէլեան (55 քկ), Արման Վարդանեան (63 քկ) եւ Վիգէն Նազարեան (87 քկ):
Մանուէլեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանէն, Վարդանեանի մրցակիցը` Խըրխըզիստանէն, իսկ Նազարեանի մրցակիցը` Ղազախստանէն:
Նշենք, որ մրցանակային դիրք գրաւելու իրենց յոյսերը կորսնցուցին Հենրիկ Գէորգեան (77 քկ) եւ Ալպերթ Վարդանեան (130 քկ):


