Հայաստանի ֆութպոլի «Վիպեթ» բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանին ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան երկու մրցումներ:
Ալաշկերտ, որ հիւրընկալեց Արարատ-Արմենիան, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Նոյն արդիւնքը արձանագրուեցաւ նաեւ Վայքի մէջ, ուր Լեռնային Արցախ հիւրընկալեց Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Ալաշկերտ կը գտնուի պարագլուխի դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 10 կէտ:
Արարատ-Արմենիա եւ Լեռնային Արցախ ունին 4-ական կէտ, մինչ Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը` 3 կէտ:


