Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լարուածութեան Աճը Ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Առնչուած Կամ Անկէ Բխող Մնացեալ Հարցերը Բանակցային Կերպով Լուծելու Անհրաժեշտութիւնը» Կ՛ըսէ Փրայս

August 19, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աշխատանքը` յանուն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:

Ան յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն վերջերս հաղորդակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: «Այդպիսով մենք մեր խոր մտահոգութիւնը յայտնած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ արձանագրուած վերջին մարտերուն առնչութեամբ, որոնց պատճառով արձանագրուեցան մարդկային զոհեր ու վիրաւորներ: Մենք կոչ ուղղեցինք անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու` թուլացնելու լարուածութիւնը եւ խուսափելու կողմերուն միջեւ հետագայ մագլցումէն:

«Լարուածութեան վերջին աճը, կը կարծենք, ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուած կամ անկէ բխող բոլոր մնացեալ հարցերը բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կերպով լուծելու անհրաժեշտութիւնը», նշած է Փրայս` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ կողմերուն հետ աշխատանքները շարունակելու իրենց յանձնառութեան:

«Մենք պիտի շարունակենք ատիկա ընել թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ ալ Եւրոպական Միութեան մէջ համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպէս նաեւ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ` օգնելու երկիրներուն գտնելու երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութիւն», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Փրայսի համաձայն, հակառակ վերջին շաբաթներու լարուածութեան աճին, բայց եւ այնպէս Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն տեսնել, որ կայ կարելիութիւն: «Մենք մշտապէս ընդունած ենք, որ ասիկա գծային գործընթաց պիտի չըլլայ: Հաւատացած ենք, որ շարունակական երկխօսութեան, ներգրաւման` ներառեալ նաեւ բարձրագոյն մակարդակներու շնորհիւ պիտի կարենանք ըսել կարելի ամէն բան` օգնելու յառաջ տանիլ երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութիւնը», եզրափակած է Փրայս:

 

 

Նախորդը

«Այնքան Ատեն Որ Տակաւին Նոր Ճամբան Չէ Գործարկուած, Ռուս Խաղաղապահները Գործող Միջանցքէն Ոչ Մէկ Սանթիմեթր Պիտի Շարժին» Կ՛ըսէ Սելեզնիով

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարները Անդրադարձած Են Շրջանային Անվտանգութեան

RelatedPosts

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
Ալիեւ Հայերը Դարձեալ Կը Մեղադրէ  Արցախի Մէջ «Քանդումներ Կատարելու» Յանցանքով
Հայկական

Ալիեւ Հայերը Դարձեալ Կը Մեղադրէ Արցախի Մէջ «Քանդումներ Կատարելու» Յանցանքով

November 9, 2026
Զախարովա. «Ալեն Սիմոնեանի Ռուսիոյ Հասցէին  Մեղադրանքները Կը Խեղաթիւրեն Ճշմարտութիւնը»
Հայկական

Զախարովա. «Ալեն Սիմոնեանի Ռուսիոյ Հասցէին Մեղադրանքները Կը Խեղաթիւրեն Ճշմարտութիւնը»

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.