Հայաստանի ներկայացուցիչ Մուշեղ Մկրտչեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան, թէեւ հասաւ աւարտականին` 79 քկ դասակարգին մէջ, սակայն 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր իրանցի մրցակիցէն` Սոպհան Հուշանտ Եարիէն, հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան:
Մկրտչեանէն առաջ, Հայկ Պապիկեան (70 քկ), որ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին մրցած էր իրանցի Հիւսէյն Ապպաս Մոհամետի դէմ, անկէ կրած էր 5-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:


