Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 2022-2023 տարեշրջանին, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, յաջորդաբար 14-րդ տարեշրջանն ըլլալով ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ալմերիայի դաշտէն:
Արքայական ակումբը վերջին անգամ 2008-2009 տարեշրջանին էր, որ նոր տարեշրջանը սկսած էր պարտութեամբ` Տեփորթիւօ Քորունայէն (2-1):
Առանց պարտութեան մեկնարկը, յաջորդաբար 14-րդ տարեշրջանն ըլլալով, երկրորդ ցուցանիշն է «Լա Լիկա»-ին մէջ:
Առաջինը եւս կը պատկանի Ռէալ Մատրիտին, որ 1961-1976 տարեշրջանին մրցանիշ մը իրագործեց` յաջորդաբար 16-րդ տարեշրջանն ըլլալով մնալով անպարտելի տարեշրջանի բացման մրցումին:
Իսկ երկրին փոխախոյեանը` Պարսելոնա, տարեշրջանի բացման մրցումին իր դաշտին վրայ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը` Ռայօ Վայեքանոյի հետ:


