Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ծովային սահմանագծումին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հետեւող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն կը շարունակէ իր ջանքերը` հիմնուելով Պաապտայի մէջ անոր ունեցած վերջին հանդիպումին վրայ:
Պու Սաապ ընդգծեց, որ Հոքշթայն Իսրայէլ ուղղուած է Լիբանանէն անմիջապէս ետք, սակայն երկրորդ անգամ ըլլալով Իսրայէլ չէ վերադարձած: «Մենք այս թղթածրարին կը հետեւինք եւ ամերիկացի միջնորդին հետ մնայուն խորհրդակցութեան մէջ ենք», ըսաւ ան:
Պու Սաապ նշեց նաեւ, որ Կազայի վրայ սանձազերծուած յարձակումը ուշացուցած է ծովային սահմանագծումի թղթածրարը, «սակայն մենք անսահման ժամանակ չունինք, եւ պահպանելու համար կայունութիւնը, ապա այդ թղթածրարը պէտք է իր աւարտին հասնի նախքան սեպտեմբերը», աւելցուց ան:
Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ընթացող բանակցութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Սաապ յայտնեց, որ կան օրինագիծեր, որոնք խորհրդարանին կողմէ պէտք է վաւերացուին: «Անոնցմէ է 2022-ի պետական ամավարկը, որուն առումով կառավարութիւնը պէտք է ելեւմտական հարցերու եւ ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին ներկայացնէ իր վերջնական թիւերը», նշեց ան:
Պու Սաապ աւելցուց, որ այս բոլորին կողքին տակաւին կայ դրամատուներու գաղտնիութեան վերաբերող օրէնքը, որ կը գտնուի նախագահ Աունի մօտ: «Այդ օրէնքին ուսումնասիրութիւնը գրեթէ իր աւարտին հասած է եւ մօտիկ ապագային պիտի վաւերացուի», յայտնեց ան:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան մասին լրագրողներուն հարցումին պատասխանելով` Պու Սաապ նշեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակելու: «Այս իմաստով յառաջիկայ 24 ժամերուն ընթացքին Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդը պատասխան մը պիտի տայ, եւ յառաջիկայ փուլը պիտի ճշդուի: Չկայ աւելի մեծ անիրաւութիւն, քան Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը, եւ այդ անիրաւութիւնը պէտք է վերացնել: Ինչպէս որ նահատակներուն ընտանիքները կը սպասեն ճշմարտութեան բացայայտումին, նոյնպէս ալ բանտերուն մէջ կան արգելափակեալներ, որոնք կրնան անիրաւուած ըլլալ», աւելցուց Պու Սաապ:


