Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Շուէտի Դեսպանատան Գործավարը Կանչեց` ՔԱԿ-ի Համակիրներուն Ի Նպաստ Քարոզչութեան Դէմ Բողոքելու Համար

July 25, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Շուէտի դեսպանատան ժամանակաւոր գործավարը կանչած է Շուէտի հարաւը գտնուող Կէօթենպերկ քաղաքին մէջ ՔԱԿ-ի համակիրներուն ի նպաստ կատարուած քարոզչութեան պատճառով:

Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ այդ առնչութեամբ Շուէտի դեսպանատան գործավարին Թուրքիոյ բուռն բողոքը փոխանցուած է, եւ Անգարա պահանջած է «մեղսակիցները ճշդել եւ անոնց նկատմամբ իրաւական ու դատական պէտք եղած քայլերը որդեգրել», ինչպէս նաեւ նշած, որ Թուրքիան կը սպասէ, որ Շուէտը ստորագրուած երկկողմանի փոխհասկացողութեան փաստաթուղթի լոյսին տակ շօշափելի քայլեր որդեգրէ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան, Շուէտն ու Ֆինլանտան յունիսի վերջաւորութեան Մատրիտի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ ստորագրած էին սկանտինաւեան երկու երկիրներու ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հարցին վերաբերեալ եռակողմ փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ մը, որուն մէջ Շուէտն ու Ֆինլանտան կը խոստանային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Անգարայի հետ գործակցիլ:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ընդդիմութիւնը Քաղաքացիական Պայմանագիրի Կամ Կառավարութեան Նախաձեռնած Նիստերուն Պիտի Չմասնակցի»

Յաջորդը

Էրտողան. «Թուրքիան Շրջանային Եւ Միջազգային Հարցերուն Մէջ Իր Ազդեցիկ Դիրքը Կ՛ամրապնդէ»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.