Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Խօսքը Համա-ՀՄԸՄ-ական 11րդ Խաղերու Բացման Հանդիսութեան Առթիւ

July 23, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը Համա-ՀՄԸՄ-ական 11րդ խաղերու բացման հանդիսութեան առթիւ.

Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու յարգելի պատասխանատուներ,
պատուարժան հիւրեր եւ սիրելի հարազատներ,

ՀՄԸՄը իրաւացիօրէն հայ ժողովուրդի նուիրեալ, երիտասարդ եւ ամենամեծ կամաւոր բանակն է, որ նահատակ ցեղի անմահ մնացորդացէն կերտեց նպատակասլաց, պինդ ու հայրենանուէր տորմիղ՝ ամենուրէք ծառայելու համար հայ ազգին, եւ ոչ միայն մարզական եւ սկաուտական ոլորտներէն ներս: Մէկ խօսքով՝ Հայ արիներու այս բանակը ոչ միայն ինքնակատարելագործման, մարմնով, մտքով բարձրանալու առաքելութեան է նուիրուած, այլ յատուկ ջանքի է լծուած մեր երիտասարդութիւնը մղելու նոր նշաձողեր յաղթահարելու՝ մարդկային ազնւութեան, գաղափարապաշտութեան եւ հայկական մաքուր դիմագծի կերտման մարզերէն ներս: Այս հնոցէն կոփուող երիտասարդը կը պատրաստուի դիմագրաելու համամարդկային ու համահայկական մարտահրաւէրները միաժամանակ:

Պոլսոյ մէջ ծնունդ առած այս մեծ կազմակերպութիւնը անմիջապէս հասաւ 1918ին նոր անկախացած հայրենիք, իսկ անկախութեան կորուստէն ետք ինքն ալ դարձաւ տարագիր՝ եւ կեդրոնացաւ հայ Սփիւռքի մէջ իր կառոյցը ամէնուրէք արմատաւորելու գործին վրայ. Եւ ահա, ի մեծ ուրախութիւն բոլորիս, ՀՄԸՄը վերագտած է իր համահայկական առաքելութիւնը 1991-էն սկսեալ եւ այսօր կը հանդիսանայ հայրենիք-Սփիւռք կամրջող մեծ օղակ:

Ինչպէս միշտ, ՀՄԸՄի ԿՎ համահայկական ու հայրենի ամէն նախաձեռնութիւն կը սկսի «Եռաբլուր» այցելութեամբ՝ յարգանքի տուրք մատուցանելու համար մեր նահատակներուն: Խիստ գնահատելի այս քայլը արդէն անքակտելի սովորութեան է վերածուած:

Մեծ ժառանգութեան տէր ՀՄԸՄը այսօր ալ մեր հպարտութեան աղբիւրն է եւ ազգային անխորտակելի կամքի մարմնաւորումը: Վստահ ենք, որ ան շարունակաբար պիտի համախմբէ սերունդներ, գօտեպնդէ ազգային գաղափարախօսութեամբ, մղէ հայապահպանման, հայակերտման եւ հայ դատի պայքարի մարդկային ու հայկական ամենէն ազնիւ, պարկեշտ, նուիրեալ ու նպատակասլաց իդէալներով:

Սիրելիներ,

Սրտի այս խօսքս կ’ուզեմ փակել Անդրանիկ Ծառուկեանի ՀՄԸՄին ալ այնքան պատշաճող փոթորկաշունչ պատգամով եւ Արարատին ուղղուած Ուխտով՝

«Պիտի շարքերը մեր խըրոխտ փոթորկին
Մեր պապերուն ի խնդիր սուրբ երազին…
Պիտի փշրի՛ն մեզ իրարմէ անջատող
Ճակատագրին սեւ պատնեշները բոլոր…

– Տե՛ս մեր շարքերը խանդաբորբ ու արի,
Տե՛ս մեր կարօտը՝ խոյանքով Վահագնի,
Տե՛ս մեր հոգին՝ քու ձեռքերուդ պես մաքուր,
Ու կամքը մեր, տե՛ս, ժայռերուդ պես ամուր,
Եվ հավատա՛, կրանիտեայ ո՛վ աստուած,
Սրբազա՛ն լեռ, հավատա՛,
Որ կը հասնինք, մենք կը հասնինք կատարիդ…: »

Վարձքը կատար ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան, Հայաստանի ՀՄԸՄ-Հասկի վարչութեան եւ բոլոր ներկայ քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք հայրենի երկնակամարին տակ համախումբ կատարելու են իրենց առաքելութիւնը:
Լիակատար յաջողութիւն ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին:

ՅՏԽ
2022-7-22

Նախորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Բացման Մեծաշուք Հանդիսութիւնը. Ջահավառութիւն Ծիծեռնակաբերդի Անմար Կրակէն, 850 Մասնակիցներով Շքեղ Տողանցք Երեւանի Մէջ, Պաշտօնական Բացում` «Ազատութեան» Հրապարակին Վրայ

Յաջորդը

Վարչապետի Աշխատակազմը Պարզաբանած Է, Թէ Ի՛նչ Հիմքով Արգիլուած Է Մուրատ Փափազեանի Մուտքը Հայաստան. Մուրատ Փափազեան. «Կառավարութեան Ըսածը Սուտ Է»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.