Յունահռոմէական ոճի պատանի ըմբիշ Եուրի Մխիթարեան Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 15 տարեկանէն վար պատանեկան ախոյեանութեան 41 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալին:
Ան աւարտականին 8-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ազրպէյճանցի Թուրան Տաշտամիրովէն:
Իսկ Դաւիթ Սարգսեան (52 քկ), Սամուէլ Տէրտէրեան (62 քկ) եւ Արթուր Ամոյեան (68 քկ), որոնք պայքարեցան պրոնզէ մետալի համար, չկրցան յաջողութեան հասնիլ:


