Կազմակերպութեամբ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին, այսօր` չորեքշաբթի, 20 յուլիսին, Ճատրակի միջազգային օրուան առիթով, Քասքատի մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ նախաձեռնութիւն, ժամը 20:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախաձեռնութեան ընթացքին կազմակերպուած է միացեալ մրցում, որ երիտասարդ ճատրակ խաղացողներուն եւ նոյնիսկ անոր կայացման վայրէն անցորդներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ մրցելու կրանտմասթըր Տիգրան Պետրոսեանի եւ միջազգային կրանտմասթըր Տիգրան Յարութիւնեանի հետ:
Նշուեցաւ, որ մուտքը ազատ է բոլոր փափաքողներուն համար:


