Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պրիւքսելի մէջ դռնփակ հանդիպում ունեցած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ: Այս մասին հաղորդեց ՕԹԱՆ-ի մամլոյ ծառայութիւնը: Հանդիպումը տեղի ունեցած է Պայրամովի Պրիւքսել այցելութեան ծիրին մէջ:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւններու միջեւ ազգային շահերու պաշտպանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հարցերուն մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրուած է:


