Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

July 18, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերատնտեսական  ահաւոր տագնապին` Ազգային Միացեալ վարժարանի մանկապարտէզը 2021-2022 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի ամավերջի վկայականաց բաշխման հանդէսով յաջողեցաւ իր յարկին տակ ստեղծել ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը:

Հինգշաբթի, 16 յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին  մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւնը կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Շահէ արք. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը: Հանդիսութիւնը կը սփռուէր նաեւ  առցանց`  Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջով: Ներկայ էին` վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, խնամակալութեան անդամներ, Ազգային վարչութեան,  Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, շրջանի կոմիտէներու, եկեղեցիներու թաղականութիւններու եւ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, ծնողներ ու բարեկամներ:

Lիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք սրահ մուտք գործեցին 2021-2022 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի 27 շրջանաւարտները, որոնք իրենց անմեղ ժպիտներով  բեմ բարձրացան եւ ներկաներուն փոխանցեցին կեանքի հանդէպ իրենց յոյսի եւ հաւատքի ապրումները: Սրահի բեմն ու յարակից մասերը իւրայատուկ կերպով  զարդարուած էին այս առիթով:

«Քայլ մը յառաջ» կարգախօսով Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները հերթաբար հանդէս եկան ու ներկայացուցին իրենց սորված գիտելիքները` տարբեր ժողովուրդներու երգով ու պարով: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք աշակերտները արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը, որոնց ընդմէջէն հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի ջերմ կեանքին եւ ուրախ խաղերուն, ինչպէս նաեւ ցոյց տուին իրենց պատրաստակամութիւնը` անցնելու նախակրթարանի Ա. դասարան:

Վարժարանի մանկապարտիզպանուհին` Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան, իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Ազգային Միացեալ վարժարանի բեմը զարդարող մանկապարտէզի սիրուն աշակերտները, յատկապէս` Ծաղիկ դասարանը աւարտող հունձքը,  նոր գարուն ու նոր յոյս կը ներշնչեն: Ան դիտել տուաւ, որ նախորդ երկու տարեշրջաններու երկրի պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառով աւարտական դասարանը առիթ չէր ունեցած ցարդ բեմ բարձրանալու ու ներկայացումներու մասնակցելու, ուստի ասիկա անոնց առաջին առիթն էր ծնողներուն դիմաց հրապարակային հանդէս գալու:

Ապա ան խօսեցաւ կրթական տարեշրջանին մասին եւ ըսաւ, որ ծանր պայմաններ դիմագրաւելով հանդերձ, դասաւանդութիւնը բնականոն կերպով սկսաւ, եւ աշակերտները վերստին կարողացան ունենալ կրթական սովորական կեանք, առիթ ունեցան ապրելու ու վայելելու մանկապարտէզի ուրախ մթնոլորտը, դասերն ու ուսուցողական ծրագիրները, զուարճալի խաղերն ու ատենամարզանքի պահերը: Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան նշեց, որ ամբողջացան մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու ուսումնական ծրագիրները, յատկանշական ձեռքբերում մըն էր այս տարեշրջանին ունենալ Ծիլ դասարան ու անոնց ներկայացնել տարիքի համապատասխան ծրագիր, մանկապարտէզի բաժին մը, որ նախորդ տարիներուն չկար:

Մանկապարտիզպանուհին դիտել տուաւ, որ կրթական ծրագիրի կողքին, կարելի եղաւ նաեւ կատարել այլազան աշխատանքներ, նշուեցան ազգային ու միջազգային տօները, յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ աշակերտներուն առողջութեան, տարբեր մարզերու մէջ աշխատող եւ նիւթերու տիրապետող անձերու հետ հանդիպումներուն կարելիութիւն ստեղծուեցաւ միտքերու փոխանակման եւ հորիզոնի ընդլայնման:

Մանկապարտիզպանուհին նաեւ խօսեցաւ հայ դպրոցի կարեւորութեան մասին` հաստատելով, որ աշակերտները սովորական տեղական միջավայրի մը ծնունդ չեն, ունին հայկական պատկանելիութիւն, ուստի, որքան ալ տեղական սովորութիւնները ազդեն մեր առօրեային վրայ, մեր զաւակները սակայն պէտք է հայօրէն ապրին ու մեծնան` հեռու մնալով օտարացման վտանգէն: Տան մէջ ընտանիքի հսկողութեամբ եւ դպրոցներուն մէջ պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու կողմէ ուղղութիւն ստանալով` հայկական կենցաղը տիրական պէտք է դարձնենք ու մեր զաւակներուն շնորհենք հայկական դաստիարակութիւն եւ ազգային գոյութենական իմաստ:  Ան անդրադարձաւ ծնողներու դերակատարութեան, դպրոցին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած նեցուկին ու վստահութեան` շեշտելով, որ տան մէջ ուսուցիչի գործը շարունակելու առաքելութիւնը անոնք վերցուցին յաջողութեամբ: Ծնողներու հետ բազմաթիւ եւ տարբեր նիւթերով «Զում»-ի հանդիպումները մնայուն եւ ամէնօրեայ կապը ապահովեցին տարեշրջանի հեզասահ եւ արդիւնաբեր ընթացքին:

Իր խօսքը եզրափակելով` Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան մաղթեց, որ տասներկու տարի ետք Ծաղիկ դասարանի աշակերտները դարձեալ ըլլան այս բեմին վրայ` իբրեւ այս կրթօճախի աւարտական դասարանի աշակերտներ: Ան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց` պատկան մարմիններուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերուն, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին ու տնօրէնութեան, բարեսիրական հաստատութիւններուն, Anera կազմակերպութեան, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին, անհատ բարերարներուն եւ բարեկամներուն, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդին, դպրոցի խնամակալութեան ու տնօրէնութեան իրենց մնայուն ու օգտաշատ աշխատանքին համար ապահովելու այս դպրոցի շարունակականութիւնն ու վերելքը, նաեւ` մանկապարտէզի ուսուցիչներուն ու պաշտօնակիցներուն:

Վկայականաց բաշխումը կատարուեցաւ ձեռամբ պետական երեսփոխան ու վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Թերզեանի,   վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի եւ կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեանի:

Վկայականներ ստացան Արիանա Զատիրեան, Արեւիկ ՏէկիրմԷնճեան, Լոռի Ճապրայեան, Ռուլա Տրէյիի, Ճէյսըն Աղպոշեան, Ճեսիքա Մարգարեան, Տիեկօ Ճիկերեան, Մարիպէլ Գասպարեան, Ալեքսանտր Նալպանտեան, Լէօն Ղազար, Քէյթի Պետիրեան, Մեղեդի Տէկիրմէնճեան, Վանէսսա Գասէմճեան, Ռիթա-Մարիա Աճէմեան, Սէրժիօ Հաննա, Կալի Դաւիթեան, Մարք Ճինճուլֆայեան, Էլիզապէթ Սէֆիլեան, Սիլվի-Մարիա Քէճէճեան, Քրիստել Գույումճեան, Գառնի Համալեան, Սէրենա Խաժի, Օսան Օհանէսեան, Մարիպէլ Քարակէօզեան, Աննա-Մարիա Միքայէլեան, Շարպէլ Խոժա եւ Մարիա Պապիկեան:

Վերջապէս, Շնորհք  քհնյ. Տէր Արթինեանի «Պահպանիչ» աղօթքով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին` մեծ հաւատքով ու յոյսի բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորելու յառաջիկայ տարեշրջանը:

Նախորդը

Լիբանանահայը` Քանատահայ – 6. Ծխախոտ Ծխելը

Յաջորդը

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Սպառե՞լ Հայաստանի Իւրայատկութիւնը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.