Հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 1-13 օգոստոսին, տեղի պիտի ունենայ Պրումմանայի թենիսի տարեկան մրցաշարքը, անոր վարժարանին թենիսի դաշտերուն վրայ, «Արզի բաժակ» անունին տակ:
Տեղի պիտի ունենան տարբեր դասակարգի մրցումներ, որոնց կարգին` 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար, 35 եւ 45 տարեկանէն վեր, ինչպէս նաեւ տղոց եւ աղջկանց զոյգի մրցումներ:
Յայտարարուեցաւ, որ մրցանակային դիրքեր գրաւող մարզիկներուն համար տրամադրուած են նաեւ նիւթական պարգեւներ:
Բոլոր անոր մասնակցիլ փափաքողները կրնան կապ հաստատել կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու Նահիա Ապու Խալիլի հետ (03-961570):


