Քառասուն օրեր առաջ անակնկալ ու անսպասելի կերպով մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի մասնաճիւղի վաստակաւոր եղբայրներէն, բոլորին սիրելի եղբայր Ներսէս Ճուպանեանը:
Հանգուցեալը աւելի քան 35 տարուան վաստակ ունեցաւ թէ՛ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին մէջ` իբրեւ ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի նախկին մարզիչ, եւ թէ ֆութպոլի յանձնախումբի անդամ, իսկ մասնաճիւղին մէջ ալ` իբրեւ վարչական, ապա ատենապետ, տարիներ շարունակ: Ան միշտ եղաւ կամաւոր ծառայող, որ բարձր պահեց ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը` «Բարձրացիր բարձրացուր»-ը, եւ լիովին նուիրուեցաւ անոր: Ներսէս Ճուպանեան իր կեանքի ողջ ընթացքին ներկայ եղաւ հոն, ուր իր ներդրումին եւ անսակարկ նպաստին կարիք կար: Իր ծառայութիւնը մատուցեց ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիին` որպէս ատենապետ, այսպիսով սատարելով մասնաճիւղի վերելքին: Առ ի գնահատանք իր այս վաստակաշատ գործունէութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը 2012-ին զայն պարգեւատրեց «Ծառայութեան» շքանշանով:
Վերջին 2 տարիներուն, թէեւ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով Ներսէս Ճուպանեան չկրցաւ ներկայ գտնուիլ վարչութեան աշխատանքներուն, բայց միշտ հետեւեցաւ զանազան միջոցներով: Ան եղաւ բոլորին սիրելի եւ յարգելի եղբայր Ներսէսը, քաջալերող, մղող եւ անձամբ աշխատանքի լծուող:
Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինած էր, որ ան իր աչքերը փակէ իր սիրած ու պաշտած միութեան գիրկը, մայիսեան փառատօնին` շրջապատուած իր շատ սիրելի քոյրերով ու եղբայրներով:
Հիմա, որ ան ֆիզիքապէս այլեւս մեզի հետ չէ, եւ անոր հոգին անդենականի երկնքի դրախտէն կը դիտէ մեզ, պիտի ըսենք` սիրելի՛ եղբայր, վարձքդ կատա՛ր, քու յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ մեր սրտերուն եւ յիշողութեան մէջ, խունկ ու մոմ քու յիշատակիդ:
ՀՄԸՄ-Ի ՃԻՒՆԻԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ_


