Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Պարտուողականէն Վերականգնողական Անցում Կատարելու Համար

July 6, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները ուշագրաւ են  եւ ուղենշային մեկնաբանութիւններու տեղի կու տան:

Այսպէս. «Մենք կը ցանկանք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորում եւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրում, քանի որ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է: Անհրաժեշտ է բանալ Զանգեզուրի միջանցքը, որ պէտք է ստեղծուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ, ինչպէս նաեւ` իրականացնել այլ փոխադրական նախագիծեր այս երկիրներուն միջեւ: Որովհետեւ ուքրանական պատերազմէն ետք այս միջանցքը ունեցաւ ռազմավարական նշանակութիւն»:

Նախքան յայտարարութեան երկրորդ բաժինը մէջբերելը, նկատենք այստեղ, որ նոր տարր պարփակող մասը` Զանգեզուրով Նախիջեւանն ու Ազրպէյճանը միացնող ճանապարհին ռազմավարական նշանակութեան շեշտումն է, յատկապէս ուքրանական պատերազմէն ետք: Շատ պարզ է տրամաբանութիւնը: Անգարայի առաջադրածը Թուրքիոյ ցամաքային միացումն է Նախիջեւանի, Հայաստանի, Ազրպէյճանի ճամբով Ռուսիոյ եւ անկէ ետք` թրքացեղ պետութիւններուն: Ակնարկը Ռուսիան ապամեկուսացնելուն կ՛ուղղուի, այդուհանդերձ քողարկուած ձեւով թուրանական կամուրջի առաջադրանքն է, որ կ՛ընդգծէ Անգարան` բացուելիք ճամբուն ռազմավարական նշանակութիւն ստանալը յիշելով: Ծխածածկոյթ են ուքրանական պատերազմն ու Մոսկուայի հետ իր ցամաքային միացումը: Հետապնդուածը` թուրանական կամուրջն է:

Հիմա անցնինք յայտարարութեան միւս բաժինին.

«Հայկական սփիւռքը բաժնուած է երկու մասի. մէկ մասը կտրականապէս չի ցանկար աջակցիլ կարգաւորման գործընթացին, միւս մասը կ՛աջակցի: Հայաստանի մէջ որոշ ուժեր կը յարձակին վարչապետի տան վրայ, փողոցային գործողութիւններ կ՛իրականացնեն, լուրջ ճնշումներ կը գործադրեն, եւ ատիկա լուրջ խոչընդոտ կը  ստեղծէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ»:

Ո՞ւր պէտք է կեդրոնացնել լուսարձակը այս պարագային: Թուրք նախարարը կը խօսի սփիւռքի բաժանուածութեան մասին. բաժանարար գիծը` Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման օրակարգն է: Երբ անմիջապէս կը խօսուի նաեւ ներհայաստանեան ընդդիմութեան մասին, ըսել կ՛ուզուի, որ սփիւռքեան մէկ հատուածն ու հայաստանեան ընդդիմութիւնն են, որոնք արգելակած են իշխանութիւններու խաղաղասիրական ծրագիրը: Իսկ կապելով երկրորդ բաժինը առաջին բաժինին` արգելակած են թուրանական կամուրջի կառուցումը: Հիմա փորձենք աւելի խորանալ ըսուածներու կառուցուածքի ծալքերուն մէջ եւ եզրակացնել, որ Անգարայի քննադատութեան թիրախը Դաշնակցութիւնն է: Ընդհանուր յայտարարը ներհայաստանեան ընդդիմութեան եւ սփիւռքի մէկ հատուածին` կը կազմէ Դաշնակցութիւնը, որ ինչպէս ազդած էր ցիւրիխեան արձանագրութիւններու չեղեալ նկատուելու գործընթացին վրայ, այնպէս ալ հիմա կը խոչընդոտէ թուրանական կամուրջի կառուցումը` իշխանութիւններու հրաժարականը պահանջելով ըստ էութեան կ՛արգելակէ միակողմանի զիջումներու շարունակութեան գործընթացը:

Ոչ շատ առաջ Պաքուէն հնչած էին նման մեղադրանքներ: «Եթէ Հայաստանը սահմաններու որոշման հարցին մէջ կրկին դիմէ իր մարտավարութեան, փորձէ ձգձգել ժամանակը, պիտի զղջայ: Մենք ուշադիր կը հետեւինք վրէժխնդրական (ռեւանշիստական) ուժերու գործողութիւններուն, որոնք կը փորձեն գլուխ բարձրացնել Հայաստանի մէջ»:

Չաւուշօղլուի ակնարկած «սփիւռքեան հատուածը» թէ «փողոցի գործողութիւններ իրականացնողները» կամ Ալիեւի «վրէժխնդրական ուժերը» միեւնոյն հասցէագրումը ունին: Ակնկալելի է թուրքեւազրպէյճանական մեղադրանքի հասցէականութեան նոյնականութիւնը: Նոյնքան եւ աւելի սակայն ակնկալելի էր, որ հայ քաղաքական եւ հասարակական մտածողութիւնը գիտակցի, որ այդ մեղադրուող ուժերու գործողութիւններու կայացումը, զանգուածայնացումը պետութեան շահերուն լիցք կը հաղորդէ` առնուազն առկախելու Անգարայի եւ Պաքուի պարտադրանքի իրականացումը:

Իսկ առկախումը խաղաղութեան հակադրուիլ չէ: Ժամանակ շահիլ է աշխարհաքաղաքական-տարածաշրջանային իրադրութիւններու հաւանական փոփոխութիւններուն համընթաց պարտուողական իրավիճակէ աւելի վերականգնողական դիրքեր գրաւելու նախ դիւանագիտական գետնի վրայ եւ ապա տարածքներու առումով: Եւ ըստ այնմ մեկնելու դէպի տարածաշրջանային ապաշրջափակում եւ խաղաղութիւն:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեանը Սթրասպուրկի Մէջ Շարք Մը Հանդիպումներ Կ՛ունենայ

Յաջորդը

«Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ռազմակայաններու Տեղակայումը Պիտի Վտանգէ Անոնց Բնակիչները» Կ՛ըսէ Վոլոտին

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը

October 13, 2026
Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Մեր Առաջարկներուն Ամերիկեան Պատասխանը Կը Սերտենք, Ապա Արդիւնքը Միջնորդներուն Պիտի Յայտնենք»

October 13, 2026
Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.