Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցվեթանա Փասքալեւա Լիբանանահայ Աշակերտներուն Կոչ Ուղղեց` «Ղարաբաղի Վէրքերը» Ժապաւէնին Պատկերները Երբեք Չմոռնալու Եւ Զանոնք Համայն Աշխարհին Ներկայացնելու

March 1, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հանդիպումին ներկաները

«Ղարաբաղի վէրքերը» ժապաւէնը շատ աւելին է, քան վաւերագրական ժապաւէն մը, որովհետեւ ներկայացուող իրականութիւններուն ընդմէջէն պատգամներ կը փոխանցուին եւ իւրաքանչիւր հայու ուսերուն յաւելեալ պարտք կը դրուի` կառչելու շատ թանկագին կեանքերով կերտուած յաղթանակին եւ ամէն գնով պահպանելու զայն:

Երէկ` չորեքշաբթի, 29 փետրուարի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական բաժիններու աշակերտները ժամադրուած էին պուլկարացի լրագրողին եւ անոր «Ղարաբաղի վէրքերը» ժապաւէնին հետ: Ցվեթանա Փասքալեւայի Լիբանան այցելութեան նախաձեռնած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին անունով բացման խօսքը արտասանեց Ահարոն Շխրտըմեան, որ յայտնեց, թէ թէեւ հայ ժողովուրդը մեծ տառապանքներու ենթարկուած է, բայց կրցած է գոյատեւել եւ յաղթանակներ կերտել` հպարտութիւն կտակելով իր զաւակներուն: Ան անդրադարձաւ արցախեան պայքարին ընթացքին իրենց նահատակութեամբ յաղթանակ կերտած հերոսներուն, որոնց շնորհիւ այսօր կարելի եղած է անկախութիւն կերտել: Իր խօսքի աւարտին Ա. Շխրտըմեան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` կառչելու իրենց դատին եւ հետապնդելու զայն, մինչեւ անոր վերջնական լուծումն ու արդարութեան հաստատումը:

Գեղամ արք. Խաչերեան

Ապա աշակերտներուն իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ցվեթանա Փասքալեւայի տարած աշխատանքին մասին, որուն ընդմէջէն ան մեր ազգային ճշմարտութիւնները արձանագրեց եւ զանոնք համայն աշխարհին ներկայացնելու ճամբուն վրայ է: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ պուլկարացի լրագրողը զինուորի նման ճակատին վրայ գտնուեցաւ, նկարահանումներ կատարեց, որպէսզի փաստեր ունենայ այն մասին, որ խաղաղութեամբ իր հողերուն վրայ ապրող ղարաբաղցին ինչո՞ւ ստիպուեցաւ զէնքի դիմել` պաշտպանելու համար իր հայրենիքը: Գեղամ արք. Խաչերեան շեշտեց, որ վերջին տասնամեակներուն հայութեան արձանագրած մեծագոյն յաղթանակներէն մէկն էր արցախեան յաղթանակը, որուն արժէքին լաւապէս պէտք է գիտակցինք, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ անգամ արցախահայութիւնը կառչեցաւ իր հողին, իր ինքնութեան: Իր խօսքը աւարտելով` առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց աշակերտներուն կառչելու իրենց հայկականութեան, պայքարին եւ արժէքներուն:

Ցվեթանա Փասքալեւա

Ապա Ցվեթանա Փասքալեւա «սփիւռքի երիտասարդ բարեկամներուն» ուղղելով իր խօսքը` դիտել տուաւ, որ թէեւ վաղուց կ՛ուզէր նման հանդիպումներ ունենալ, սակայն ինք ղարաբաղեան ճակատը նախընտրած էր որեւէ այլ վայրէ, որովհետեւ երկու ամսուան համար նախատեսուած իր կեցութիւնը շատ աւելի երկարեցաւ` պայքարին ու յաղթանակին նկատմամբ պուլկարացի լրագրողին ունեցած խոր հաւատքին պատճառով: Ըստ անոր, Ղարաբաղէն հեռանալու մասին մտածելն իսկ անկարելի կը թուէր, որովհետեւ ինք չէր կրնար հեռանալ այն ժողովուրդէն, որ հաւատքով, ոգի ի բռին եւ իր զաւակներուն արեան գնով կը պայքարէր իր հողին համար:

Ցվեթանա Փասքալեւա շեշտեց, որ իր ժապաւէնը հիմնականօրէն ուղղուած է քաղաքական գործիչներուն, որոնք պէտք է տեղեակ ըլլան իրականութիւններէն եւ անոնց համաձայն Ղարաբաղի վերաբերող համաձայնագիրներ ու փաստաթուղթեր ստորագրեն: Անոր համաձայն, «Ղարաբաղի վէրքերը» հերոսներու պատմութիւնն է, հերոսաբար կերտուած յաղթանակի մը ընթացքը, անոր անցած դժուար ու սահմռկեցուցիչ ուղին, սակայն նաեւ հոն կան խոր հաւատքն ու նուիրումը, վճռակամութիւնն եւ ոչինչ խնայելու պատրաստակամութիւնը:

Իր խօսքի աւարտին Ցվեթանա Փասքալեւա հաստատեց, որ Ղարաբաղի մէջ ամէնէն դաժանն ու ահաւորը տեսնելով հանդերձ կրցած էր շարունակել իր աշխատանքը, որովհետեւ ան միշտ ուժ ստացած էր մանուկներէն. ան խոստացաւ յառաջիկային պատրաստելիք ժապաւէնով ներկայացնել Ղարաբաղի յետպատերազմեան հանգրուանը, երբ այդ մանուկները երիտասարդներ դարձած ըլլան եւ գոյատեւեն իրենց հայրերուն ազատագրած հողին վրայ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` լաւապէս հետեւելու ժապաւէնին, պատկերները ընկալելու, միշտ յիշելու զանոնք եւ աշխատելու անոնց տարածման ի խնդիր:

Ապա ցուցադրուեցան «Ղարաբաղի վէրքերը» ժապաւէնէն հատուածներ:

 

 

Նախորդը

«Էյ. Էն. Պի.»-ին Տրուած Հարցազրոյցին Ընթացքին Վերա Եագուպեան Կ՛Անդրադառնայ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդի Նիստին

Յաջորդը

Ցվեթանա Փասքալեւա Այցելեց «Ազդակ» Եւ «Վանայ Ձայն»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.